2016-03-13 12:18:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 13 Մարտի Մարեմեան աղօթքը` ''Աստուած կ՛ուզէ մեզ փրկել''։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 13 Մարտ 2016-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը եւ աղօթքէն առաջ ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ անդրադարձաւ  օրուան սուրբ գրային ընթերցումին որ քաղուած էր Յովհաննէսի Աւետարանէն (Գլ. 8, 1-11) ուր կը պատմուի շնութեան մեղքին մէջ բռնուած կնոջ մասին, զոր  Դպիրներն ու Փարիսեցիները կը բերեն Յիսուսի մօտ փորձելու համար զինք ու առիթ գտնելու զայն ամբաստանելու համար։

Այս տեսարանին դիմաց Յիսուս չի խօսիր այլ ''կը ծռի ու կը սկսի մատով գրել հողին վրայ'' ապա անոնց կ՛ըսէ ''ձեր մէջ անմեղը թող առաջին քարը նետէ''։ Պատասխան մը որ շփոթութեան կը մատնէ դպիրներն ու փարիսեցիները որոնք մէկիկ մէկիկ կը հեռանան։ Յիսուս մինակ մնալով կնոջ հետ անոր կը նայի ողորմութեան ու սիրոյ աչքերով եւ հարց կու տայ ''Ո՞ւր են անոնք. Ոչ ոք քեզ դատապարտեց'' ապա կ՛ըսէ ''ես ալ քեզ չեմ դատապարտեր։ Գնա եւ այլեւս մի մեղանչեր''։ 

Այս խօսքերով Յիսուս այդ կնոջ վերադարձուց անոր արժանապատուութիւնը ու հասկցուց թէ ինք չի ներկայացներ իր գործած մեղքը եւ թէ կարելի է ճամբան փոխել։ Այդ կինը ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ կը ներկայացնէ մեզմէ ամէն մին, մեղաւորներս ու Աստուծոյ հաւատարմութիւնը դաւաճանողներս։ Սակայն այդ կնոջ փորձառութիւնը կը ներկայացնէ նաեւ մեզմէ իւրաքանչիւրիս վերապահուած Աստուծոյ կամքը` ոչ թէ մեր դատապարտումը այլ մեր փրկութիւնը` Յիսուսի միջոցաւ։ Ան է շնորհքը որ կ՛ազատագրէ մեղքէն ու մահէն։ Ան հողին վրայ գրեց, հողը որով մարդը կազմուած է, այնտեղ փորագրեց Աստուծոյ   դատավճիռը ''Չեմ ուզեր որ դուն մեռնիս, այլ կ՛ուզեմ որ ապրիս''։

Աստուած չի կապուիր մեր մեղքին, Ան մեզ չի նոյնացներ մեղքին հետ զոր գործեցինք։ Ան մեզ կ՛ուզէ ազատել եւ կ՛ուզէ որ մենք եւս կամինք հետը ըլլալ։ Ան կ՛ուզէ որ մեր ազատութիւնը մեզի դարձի բերէ չարէն դէպի բարիին եւ այս մէկը կարելի է միայն Անոր շնորհքով ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամի օգնութիւնը որպէսզի ''ամբողջութեամբ վստահինք Աստուծոյ ողորմութեան ու դառնանք նոր արարածներ''։

Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքէն անմիջապէս ետք, Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով հրապարակը համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի հաւատացեալները, յայտնեց թէ անոնց կ՛ուզէ նուիրել գրպանի Աւետարան մը. Ղուկասի Աւետարանը, որ կը կարդացուի այս ծիսական տարուայ կիրակիներու ընթացքին։

Գրքոյկի բնաբանն է, ըսաւ Քահանայապետը, ''Սուրբ Ղուկասի Ողորմութեան Աւետարանը'' որուն մէջ աւետարանիչը կը կրկնէ Յիսուսի Խօսքերը ''Եղէք ողորմած ինչպէս ձեր երկնաւոր Հայրը ողորմած է'' եւ որմէ քաղուած է Յոբելենական Տարւոյն նիւթը։

Սրբազան Քահանայապետը ապա յայտնեց թէ Գրպանի Աւետարանը պիտի բաշխուի Սրբուհի Մարթայի մանկաբուժարանի կամաւորներու եւ Հռոմ քաղաքի բազմաթիւ մեծ Հայրիկ ու Մայրիկներու կողմէ, հուսկ հրաւէր ուղղեց առնելու Աւետարանը ու զայն կարդալու ամէն օր որպէսզի ''Հօր Ողորմութիւնը բնակի ձեր սրտերուն մէջ եւ դուք կարենանք զայն տանիլ անոնց որոնց կը հանդիպիք'' ըսաւ Ան ու բոլոր ներկաներուն  մաղթեց ''բարի Կիրակի'' ու խնդրեց որ բարեհաճին չմոռնալ աղօթել իրեն համար''։ ''Բարի ախորժակ եւ ցտեսութիւն'' ըսաւ ապա Քահանայապետը եզրափակելով Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.